2015-06-17 09:51:00

Կոչ աղօթելու` առեւանգուած հայր Մուրատին ու Սուրիոյ ժողովուրդին համար։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Սրտանց մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն հաստատութեան բարերարներուն որոնք վեհանձնութեամբ ընդառաջեցին տանջուող սուրիացիներուն  ցուցաբերելով մեծ  զօրակցութիւն մը''­,  գրած էր Սուրիոյ մէջ վերջերս առեւանգուած` հայր Մուրատը իր վերջին պատգամին մէջ զոր  ուղղած էր Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական մարմնին։

Հայր Մուրատը առեւանգուեցաւ Սուրիոյ ''Qaryatayn'' վայրին մէջ անցեալ 21 Մայիսին։

Տառապող Եկեղեցիի օգնութիւն Մարմինը` Սուրիոյ զինեալ տագնապով առատաձեռնօրէն օգնութեան հասած է հայր Մուրատին, որուն բարի համբաւը ճանչցուած է նոյնիսկ իսլամ կրօնապետերու կողմէ։

Ան Ս. Եղիա վանքին մէջ կը պահէր 50 իսլամ ընտանիքներ եւ շուրջ  հարիւր մանուկներ։

Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական մարմինը օգնած էր այդ ընտանիքներուն` վերակառուցելու իրենց տուները, ինչպէս նաեւ  սնունդ ու դեղորայք  ապահովեցուցած էր շատերուն։

Հայր Մուրատ` Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն յղած մէկ նամակին մէջ կը դրսեւորէ եկեղեցւոյ պարզ արտայայտութիւնը, որ միշտ օգնութեան հասած է աղքատին, հիւանդին, ոճրագործին, մեղաւորին ու հարստահարուածին։

Միջին Արեւելքի Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն հաստատութեան պատասխանատու`  հայր ''Andrzej Halemba'' ընդգծած է թէ հայր Մուրատ օգնութեան հասած է ամէն հաւատքի պատկան սուրիացիներուն։  Ի՞նչու նման մարդ մը  կ՛առեւանգուի հարցադրած է ան ընդծելով թէ հայր Մուրատին հետ առեւանգուած է նաեւ անոր օգնականը` Պետրոս Տէկերմենճեան, 38 տարեկան հայ մը, որ աշխատեցաւ արգելք հանդիսանալ առեւանգումին։ Մինչեւ օրս ոչ մէկ լուր կայ այս երկու անձերու մասին եւ ոչ ալ յայտնի է առեւանգողներուն ինքնութիւնը։

Տառապող եկեղեցի օգնութիւն Վատիկանի բարեսիրական մարմինը կոչ կ՛ուղղէ քրիստոնեաներուն, յառաջիկայ 21 յունիսին, միանալու իրենց աղօթքին վասն իրենց հաւատքին համար հարստահարուած սուրիացի քրիստոնեաներուն եւ Հայր Մուրատի ազատագրումին։

Եթէ իրապէս կը սիրենք խաչեցեալ Քրիստոսը, պատրաստ ենք մենք զմեզ ուրիշներուն տալ։

Նշենք որ Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւնը բարեսիրական հաստատութիւնը  քահանայապետական  հիմնարկութիւն մըն է ստեղծուած  1947-ին հայր Werenfried van Straaten-ի կողմէ։ Անոր իւրայատկութիւնն է օգնութեան հասնիլ հալածուած ու հարստահարուած եկեղեցիներուն, որպէսզի կարողանան իրենց հովուական առաքելութիւնը լաւապէս կատարել։  








All the contents on this site are copyrighted ©.